2015-06-06 08:25:00

Ֆրանչիսկոս Պապը մեկնեցաւ Եւրոպայի Երուսաղէմ` Սարայեւօ.


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 6 Յունիս 2015-ի առաւօտեան ժամը 7.30-ին, սկիզբ առաւ Իտալիոյ հողերէն դուրս Քահանայապետական 145-րդ ճամբորդութիւնը եւ Ֆրանչիկսոս Քահանայապետի ութերորդ միջազգային առաքելական ճամբորդութիւնը որուն հանգրուանը հանդիսացաւ Եւրոպայի Երուսաղէմը` Սարայեւոն։ 

Սրբազան Հօր 8-րդ միջազգային այս ճամբորդութեան կեդրոնական նիւթն է խաղաղութիւնը ինչպէս կը բացայայտէ ճամբորդութեան նշանաբանը  ''խաղաղութիւն ձեզի'' ուր նկարագրուած է նաեւ խաղաղութիւնը խորհրդանշող աղաւնի մը ձիթենիի մէկ ճիւղով։

Ճամբորդութենէն երկու օր առաջ 4 Յունիս 2015-ին­, առ ի սովորութիւն, Ֆրանչիսկոս Պապը` Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնին առթիւ, Հռոմի Սանթա Մարիա Մաճճորէ Պազիլիքայի ''Սալուս Փոփուլի Ռոմանի'' սրբապատկերին առջեւ զետեղեց փունջ մը ծաղիկ, Անոր հովանիին յանձնելով առաքելական այս ճամբորդութիւնը։

Մէկ ժամ 30 վայրկեան տեւող ճանապարհորդութիւնէն ետք Սրբազան Քահանայապետին սաւառնակը վայրէջք կատարեց Սարայեւոյի միջազգային օդակայան ուր զինք դիմաւորեցին Պոզնիա Հերցեկովինայի մօտ առաքելական նուիրակ գերապայծառ Լուիճի Փեցցութօ եւ երկրի նախագահական երրեակ վարչակազմի Խրուաթ անդամը` Տիար Տրական Չովիչը` որ կաթողիկէ է։

''Փրոթոքալային'' արարողութենէն ետք Սրբազան Հայրը օդակայանի մէկ դահլիճին մէջ հակիրճ հանդիպում ունեցաւ նախագահին հետ ու ապա իրեն ընկերացող պատուիրակութեան հետ միասին ուղղուեցաւ նախագահական պալատ  ուր տեղի ունեցաւ ''բարի գալուստի'' պաշտօնական արարողութիւնը ի ներկայութեան Պոզնիա-Հերցեկովինայի նախագահական վարչակազմի երեք անդամներուն եւ երկրի քաղաքական իշխանութիւններուն ու քաղաքացիական ներկայացուցիչներուն։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.